Հրատարակութեան թուական: 7 Նոյեմբեր 2024 14:27
 ~ Վերջին թարմացում: 7 Նոյեմբեր 2024 14:44
read.ReadTime

Եթէ ապրինք, կը տեսնենք

Շաբաթներ առաջ, երբ Իսրայէլի բանակը «Իքս» հարթակէն յայտարարած էր հարաւի ժողովուրդին թողնել իրենց տուները եւ «փոխադրուիլ աւելի ապահով վայրեր», ու առ այդ մեծ թիւով գաղթականներ հասած էին մեր շրջանները, Պուրճ Համուտի մէջ հագուստի վաճառական բարեկամս՝ Զաւէնը, պատմեց՝ «Երեք կիներ եկան խանութս, շուրջ 50-60 տարեկան, սեւ հագած, լաչակաւոր, հարցուցին եթէ աշխատողի պէտք ունիմ, գործ կը փնտռեն։ Սիրտս կտոր-կտոր եղաւ։ Ես արդէն գործ չունիմ, իրենց չկարողացայ բան մը ըսել», իսկ շատ չանցած, կին մը տանս դիմաց զիս կանգնեցուց հարցնելու՝ «Վարձու տուն գիտե՞ս»։
Պատկերը մեծցնել
Եթէ ապրինք, կը տեսնենք
Գնա՛ էջին սկիզբ