Հրատարակութեան թուական: 26 Սեպտեմբեր 2025 13:14
 ~ Վերջին թարմացում: 26 Սեպտեմբեր 2025 13:20
read.ReadTime

Վերյիշելով ջուլհակութիւնը

Ջուլհակութիւնը Հրաչ Կէօզիւպէյուքեանի ժառանքն էր իր հօրմէն։ Հայրը այս արուեստը սորված էր Հալէպ՝ գաղթակայանի վերապրած կիներէ։ 1977-ին, Հրաչ Պէյրութէն կը տեղափոխուի Քալիֆորնիա, ուր իր հօր հետ կը շարունակէ գորգի նորոգութեան գործը։ Երբ Հրաչը իր հաւաքածոյէն գորգեր հանեց եւ սկսաւ մեզի համար անոնց պատմութիւնները մէկիկ-մէկիկ «կարդալ», նկատեցի, որ որքա՜ ն պակասը ունինք նման հիմնական գիտութեան մը եւ թէ որեւէ ջանք պիտի չբաւարարեցնէ այս բացը գոցելուն։ 1920-ականները եղան այն ժամանակաշրջանը, երբ հայ կանայք դադրեցան ջուլհակներ ըլլալէ։ Խորարմատ գիտելիքներու սերունդէ սերունդ փոխանցումը ընդհատուեցաւ ու հայ կիներու ձեռքէն խլուեցաւ հիւսելու գիտութիւնը Ասոր յաջորդեց ճարտարարուեստականացումը եւ այնուհետեւ՝ գաղթականութիւնն ու աժան աշխատուժը։
Պատկերը մեծցնել
Վերյիշելով ջուլհակութիւնը
Գնա՛ էջին սկիզբ