Հրատարակութեան թուական: 2 Փետրուար 2025 12:18
 ~ Վերջին թարմացում: 4 Փետրուար 2025 18:58
read.ReadTime

Մենաշնորհումի կազմախօսութիւն մը. Պոլսհայութիւնը

Հայերու Պոլիս ժամանումը, բիւզանդական թէ՛ օսմանեան ժամանակահատուածներուն, տեղի ունեցաւ կեդրոնի մէջ ուժի տէր անձանց եւ կառավարիչներու կամքով։ Ջալալիներու ապստամբութենէն դէպի արեւմուտք փախչող հայեր Պոլսոյ մօտակայքը տեղակայուեցան, բայց քաղաքը դիւրաւ չբացաւ իր դռները անոնց դիմաց։ 19-րդ դարուն, գաւառէն հայ այրեր կարողացան մայրաքաղաք երթալ աշխատելու համար որպէս աժան օրավաստակ բանուորներ, բեռնակիրներ, հացագործներ։ 20-րդ դարուն, իրերայաջորդ աղէտներէ ետք, «Տէր Սաատէթ»ը իր դռները կարճ ընդմիջումներով բացաւ ջարդերէ ու տեղահանութիւններէ փրկուած կանանց ու որբերու դիմաց։
Պատկերը մեծցնել
Մենաշնորհումի կազմախօսութիւն մը. Պոլսհայութիւնը
Գնա՛ էջին սկիզբ