Հրատարակութեան թուական: 6 Յուլիս 2025 13:12
 ~ Վերջին թարմացում: 6 Յուլիս 2025 13:24
read.ReadTime

Կենսատու պատմութիւններ, խմորուած յուշեր

Գոհարիկ մեծմամայիս մասին ամէնէն վառ յուշերս իր մշտաշարժութիւնն ու կերակուր պատրաստելու բացառիկ ձիրքն են։ Ան կրնար տան մէջ գտնուած որեւէ ուտելիք քով-քովի դնել եւ համեղ ճաշ մը պատրաստել։ Մեծմայրս այնպիսի անձ մըն էր, որ իր կեանքը կ՚իմաստաւորէր անդադար ճաշ պատրաստելով եւ սիրելիներուն կերակրելով (երբեմն ստիպողաբար)։ Թերեւս այսպիսով ան գտած էր ընտանիքին պատմութիւնները (չ)պատմելու կերպը։ Ուրսուլա Քէյ Լը Կուէն քննական մօտեցում ցուցաբերեց գրականութեան մէջ հերոս հասկացութեան նկատմամբ՝ իր «Տոպրակ-պայուսակի տեսութիւնը ստեղծաբանութեան մէջ» փորձագրութեան մէջ։ Հերոսական պատումներու փոխարէն, որոնք յաճախ ժամանակի ընթացքին քանդիչ ուժի կը վերածուին, ան առաջարկեց տոպրակի գաղափարէ մեկնած փոխադրողի պատումներ։ Հերոսի մը զէնք կրողի կերպար մը ըլլալու փոխարէն, ան մեզի յիշեցուց, որ առաջին մշակութային գործիքը տոպրակ-պայուսակն էր, որ կ՚օգտագործուէր ոչ թէ սպաննելու, այլ կրելու եւ պահելու։ Այս տեսակէտը, որ կը վայելէ նեցուկը նաեւ մարդաբան Էլիզապէթ Ֆիշըրի, պատումի կեդրոնին կը դնէ գոյատեւումը, սնուցումն սնուցումն ու ձեւափոխումը ։
Պատկերը մեծցնել
Կենսատու պատմութիւններ, խմորուած յուշեր
Գնա՛ էջին սկիզբ