Հրատարակութեան թուական: 28 Մարտ 2025 16:27
 ~ Վերջին թարմացում: 28 Մարտ 2025 16:35
read.ReadTime

Պատմութեան հրեշտակները՝ մեր մեծ մամաները

Պոլսէն դուրս ծնած մեծ մամաներուն յարաբերութիւնը հայերէն լեզուին հետ նոյնպէս չափազանց հետաքրքրաշարժ էր։ Ոմանք բնաւ չսորվեցան լեզուն, ուրիշներ ալ ամչցան իրենց խօսած գաւառաբարբառով։ Բարբառներու արագ կորուստին մէջ մեծ դեր խաղացած է Պոլսոյ հայերէնը մայրենիի իտէալ եւ ամէնէն գեղեցիկ տարբերակը համարող սխալ համոզմունքը։ Սփիւռքի մեր ընկերուհիներու մեծ մամաներուն պատմութիւնները մերիններէն տարբեր են։ Հալէպ-Պէյրութ բռնագաղթի ճամբան բռնած կամ Միացեալ Նահանգներ գաղթած մեծ մամաները ունին Թուրքիա մնացածներէն տարբեր պատումներ։
Պատկերը մեծցնել
Պատմութեան հրեշտակները՝ մեր մեծ մամաները
Գնա՛ էջին սկիզբ