E-gazete/Arşiv
Agents
Հաղորդակցութիւն
Բաժանորդագրուէ
Մուտք՝ անդամներու
Türkçe
English
Որոնել
Hay Toplum
Գրողներ
Book/ԳԻՐՔ
Hrant Dink
Agos Gündem
Türkiye
Ermenistan
Dünya
Yüzler/Hikayeler
İnsan+Hakları
Bir Zamanlar
Kültür Sanat
Yaşam
Կատեգորիաներ
Agos Gündem
Türkiye
Ermenistan
Dünya
Yüzler/Hikayeler
İnsan+Hakları
Bir Zamanlar
Kültür Sanat
Yaşam
E-gazete/Arşiv
Agents
Hay Toplum
Գրողներ
Book/ԳԻՐՔ
Hrant Dink
Հաղորդակցութիւն
Որոնել
Türkçe
English
☰
☰
Agos Gündem
Türkiye
Ermenistan
Dünya
Yüzler/Hikayeler
İnsan+Hakları
Bir Zamanlar
Kültür Sanat
Yaşam
Որոնել
E-gazete/Arşiv
Agents
Hay Toplum
Գրողներ
Book/ԳԻՐՔ
Hrant Dink
Հաղորդակցութիւն
Բաժանորդագրուէ
Մուտք՝ անդամներու
Türkçe
English
ՄՇԱԿՈՅԹ ԵՒ ԱՐՈՒԵՍՏ
Էջ 3
Ոսկէ Ծիրան-2015
Լքուած մի գիւղ, որի մէջ 120 տնից մնացել է միայն մէկ տուն եւ այդ տան մէջ մի տարեց կին է ապրում. ուրեմն ողջ գիւղում մի մարդ է ընդամէնը մնացել։ Գիւղ է գալիս նկարահանող խումբ հեղինակի գլխաւորութեամբ եւ այդ մոռացուած գիւղն այլեւս մոռանալ չի լինում։ Յետոյ տեսնում ենք ֆիլմի գլխաւոր հերոսին, որը մասնագիտութեամբ շնամարզ է։ Նա ասում է. «Ես երբեք հարուստ չեմ լինի, իմ բնութիւնն ուրիշ է»։ Ֆիլմի վերջում շների դէմքեր ենք տեսնում, շները մէկը միւսի յետեւից նայում են մեր վրայ։ Մարդկանց նման են, ամենքն իր խառնուածքով։ Ֆիլմի անունը «Կեանքն, ինչպէս որ կայ», ռեժիսորի անունը Վլադիմիր Դաշուկ է։ Նրան ներկայացնելիս «Ոսկէ Ծիրանի» տնօրէն Յարութիւն Խաչատրեանն արտասուեց, քանզի Պելառուսի լաւագոյն վաւերագրող Դաշուկը 2014-ին կեանքին հրաժեշտ էր տուել 52 տարեկանում։ Բեմ դուրս եկաւ նաեւ Դաշուկի այրին եւ խոստովանեց, որ հայերի նման նրբակիրթ ու կենսուրախ մարդ նախկին Սովետական երկրներից ոչ մի տեղ չի տեսել։
31 Յուլիս 2015
Դէպի ակունքն Արեգական
«Ակօս»ի բարեկամներէն Ամէտ Կէօքչէն «Մերօրեայ պատմահայրը» կը կոչէր թերթիս հայերէն էջերու աւագ խմբագիր Սարգիս Սերովբեանը։ Իր թարմ կորուստով մենք զրկուած էինք առասպելներու եւ դիցաբանութեան կախարդական աշխարհին վերաբերող յօդուածներէ։ Ուրախութիւնով կը ներկայացնենք այս անգամ եթէ ոչ պատմահայր, բայց ապագայ պատմաքոյր կոչելու արժանի երիտասարդ յօդուածագիր մը։ Յետայսու այս էջերու վրայ ան աւանդազրոյցներ կը փոխանցէ հայ վիպասանութեան հսկայ ժառանգէն գաղուած եւ մենք ալ ձեւով մը շարունակած կ՚ըլլանք սիրելի Սարգիս Սերովբեանի թողած աւանդը։
23 Յուլիս 2015
Յանցաւորը ծիրանն է
Այս շոգը փառատօնի համար չէ, բայց հենց «Ոսկէ Ծիրան» է մոռացնել տալիս Յուլիսեան տօթը եւ ստիպում տրուել կինօարուեստի բարիքներին, որոնք են՝ կինօնմոյշների դիտումները եւ հանդիպումները դրանք ստեղծողների հետ, վարպետութեան դասեր, մամլոյ-ասուլիսներ… Մասնագիտական խօսք շարժանկարի մասին։ Այսպիսով դուրս ենք գալիս գաւառական մեկուսացումից, նոր դէմքեր տեսնում, որոնք մեծ ներդրում են ունեցել կինօարուեստի մէջ եւ ծանօթացնում նրանց մեր երկրի համամարդկային արժէքների հետ։ Հայաստանն ունի իր խորհրդանիշները եւ… համը։ Մեր երկրի համն առնելու համար ծիրանն է ընտրուել։ Այս մրգատեսակն է զուտ հայկական։ Տարածուելով Հայաստանից՝ լատիներէն ամրագրուել է որպէս Prunus armeniaca, իսկ հռովմեացիները այն անուանել են mela armeniaca (հայկական խնձոր)։
23 Յուլիս 2015
Երեւանեան ուղեցոյց
Ինչպէս բոլոր երկիրներ ու Թուրքիոյ բնակիչներու համար ալ եկած է արձակուրդի ամիսները։ Նախապէս Հայաստան այցելածներ, երբ կը փորձեն իրենց բարեկամներուն յանձնարարել դէպի Հայաստան ճամբորդութիւն, յաճախ կ՚ենթարկուին «իսկապէս կ՚արժէ՞», «արձակուրդի համար Հայաստան կարելի՞ է երթալ», «ի՞նչ կայ որ հոն», «ելեկտրականութիւն կա՞յ»ի նման հարցումներու։ Ճիշդ է որ Հայաստանի ցամաքային սահմանը գոց է 1993-էն այս կողմ։ Բայց ամէն շաբաթ երկու ինքնաթիռ երկու ժամուայ թռիչքով Իսթանպուլը կը կապեն Երեւանին։ Մենք համոզուած ենք որ արձակուրդի համար ճիշդ ընտրութիւն մըն է Հայաստանը։ Ապացոյցը նախապէս գացածներու տպաւորութիւնն է։ Երկիրը Յուլիս ամսուայ մէջ կը պատրաստուի «Ոսկէ Ծիրան» միջազգային կինօփառատօնին։ Իսկ Օգոստոսի սկիզբին կը մեկնարկէ «Համահայկական Ողիմպիական խաղերը»։ Այս բոլորը նկատի ունենալով համառօտ ուղեցոյց մը պատրաստեցինք Հայաստան այցելելու մտադիր եղողներուն համար։
9 Յուլիս 2015
Մարլէն՝ իր իւրայատկութիւններով
Իսթանպուլահայ գեղարուեստական կեանքի մէջ իւրայատուկ գեղանկարիչ մըն է Մարլէն Թէքիրտաղլըճան։ Արուեստականի արտադրութիւնը կը կատարէ ամբողջովին ուրոյն մերձեցումով մը։ Քիչ մը ուշացած եւ պատահութիւններու բերմամբ մուտք գործած է նկարչական ասպարէզ։ Իր իսկ պատմածով գիտենք թէ պատահական հարեւանութիւն մըն է Յովհաննէս Ղուպէսէրեանի հետ, որ բացած է նկարչութեան գունագեղ հորիզոնը իր առջեւ։
9 Յուլիս 2015
Խաչատուրեան Պատրիարք քերթուածներով
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքարանը կը շարունակէ վերջին տարիներուն զգալիօրէն թափ ստացած հրատարակութեան աշխատութիւնը։ Արդէն լոյս տեսած է նորահաստատ «Արմաշ» մատենաշարի 11-րդ գիրքը։
3 Յուլիս 2015
Համասեան ճախրեց դուրս գալով Այա Իրինիյի գմբեթէն
Շաբաթ մը ետք դարձեալ Այա Իրինի պատմական տաճարն ենք։ Այս անգամ եկած ենք անուանի Ճազ-դաշնակահար Տիգրան Համասեանի եւ Յարութիւն Թոփիկեանի ղեկավարութեամբ Երեւանի սենեկային երգչախումբի համերգը լսելու։ Համասեանի նախորդ համերգներուն արձագանգները ալ աւելի սրած են մեր հետաքրքրութիւնը։
3 Յուլիս 2015
Շփուելով ուշադրութեան արժանի հաւաքականութեան հետ
Անուանի կինօբեմադրիչ Ատոմ Էկոեան Սերա Տինքի եւ Էրիք Նազարեանի պսակադրութեան մասնակցեցաւ իբրեւ նորապսակներու խաչեղբայրը։ Այդ մէկ շաբաթուան թոհուբոհի մէջ Մարալ Տինք յաջողեցաւ Ատոմ Էկոեանի հետ զրուցելով, Իսթանպուլեան տպաւորութիւններու մասին։
3 Յուլիս 2015
Իսթանպուլի Փառատօնը ընդմիշտ
Երբեմն յանկարծակի երեւոյթներ կը յուշեն անցնող տարիները։ Այդպէս յանկարծակի առերեսում մը ապրեցանք երբ որմնազդի վրայ տեսանք «Իսթանպուլի 43-րդ Երաժշտական Փառատօն» գրութիւնը։ Այդ որմնազդը ինքնաբերաբար մեզ տարաւ վաղ երիտասարդութեան տարիներու։ 1972 տարեթիւն է մատնանշուածը։ Տարեթիւը՝ որ դուրս եկած ենք ծնողական անմիջական հոգատարութենէ եւ սկսած ենք որոնել մեզ ձեւաւորող ճաշակները, միտքերը, միջավայրները։ Ձեռնարկած ենք Սայաթ Նովա երգչախումբի հիմնարկութեան։ Եթէ նախապէս ամբողջովին շրջապատուած էինք ընտանեկան կամ դպրոցական յարաբերութիւններով, հիմա դուրս եկած այդ դաշտէն կը փորձէինք նոր ծանօթութիւններ, նոր ընկերութիւններ կազմել։ Այսօր սիրելի յիշատակ մը դարձած Արա Ղուպեսերեանի հետ ծանօթանալով գիւտը ըրած էինք դասական երաժշտութեան։ Գիւտ մը, որ մեր առջեւ լայնօրէն կը բանար համաշխարհայնացման դռները։ Այդ դռնէն կը մտնէինք նոր աշխարհ մը որ մեզ պիտի պարգեւէր աւելի նուրբ ճաշակ, աւելի զգայուն երաժշտական ընկալում, որոնցմով աւելի հարուստ պիտի զգայինք մենք
26 Յունիս 2015
Համասեան երաժշտութիւնով կը հատէ սահմանները
Հայաստանի առաջնակարգ երաժիշտներու կարգին կը դասուի ծանօթ ճազի դաշնակահար Տիգրան Համասեանը։ Ան վերջերս ձեռնարկած է հիւրահամերգներու ծրագրին, որ ունի նաեւ ուխտագնացութեան բնոյթ։ Համասեան որոշած է աշխարհի վրայ հարիւր եկեղեցիներու կամարներու ներքեւ հնչեցնել Կոմիտասեան մեղեդիները եւ հայ ժողովուրդի պատմական տաղերը։
26 Յունիս 2015
Զուգահեռներ այժու եւ անցեալի միջեւ
Հայաստանի հեռուստաընկերութիւններու շրջանակներէ ներս ծանօթ անուն մըն է Արթիւր Բաղտամեանը։ Երբ առաջին անգամ արբանեակի դրութեամբ կարելի եղաւ «Հ1» հեռուստակայանի հաղորդումներուն հետեւիլ, օրուայ ուշ ժամերուն ամենահաճելի հաղորդումը դարձած էր Բաղտամեանի վարած «Կէսգիշերային Ճեպընթաց»ը։ Իր հիւրերու հետ վարած զրոյցները ուսուցողական յատկութիւն ունէին բոլորին համար։
15 Յունիս 2015
Զրոյց մերօրեայ մեծագոյն երգահանի հետ
Իսթանպուլի երաժշտական փառատօնի շրջագծով հիւրաբար քաղաքս կը գտնուի հայ երաժշտութեան մերօրեայ կարեւորագոյն յօրինող Տիգրան Մանսուրեան։ Ստորեւ կը ներկայացնենք թերթիս աշխատակից Լորա Սարըյի մեծ երգահանի հետ կատարած հարցազրոյցէն հատուածներ։
15 Յունիս 2015
Երգը՝ համամարդկային եւ հարազատ
Պաղլամա, տարբեր տեսակի սրինգներ, էլէքտրոկիթար, բամբ կիթար, հարուածային գործիքներ նուագող հինգ երաժիշտներ բեմ եկան նախ, ապա անոնց միացաւ օրուան մենակատարը՝ Տիրէն։ Իսթանպուլի Մշակոյթի եւ Արուեստի հիմնարկİKSV-ի դահլիճին մէջ եզակի համերգ մը կը սկսի։ Վերջերս «Քալան» ընկերութեան հրատարակութիւնով լոյս տեսաւ տէրսիմցի երիտասարդ երաժիշտ Տիրէնի անդրանիկ ալպոմը՝ «Խորէ»։
29 Մայիս 2015
100 տարի–100 հայկական տարազ
Ճուլիա Մութլուի տարազների տողանցքը սպասում էին 2011-ից ի վեր։ Նրանք, ովքեր դիտել էին եւ նրանք, ովքեր չէին դիտել եւ իմացել էին դիտողներից։ Ապրիլ-2015-ի միջոցառումներից ամենակարեւորն էր Ճուլիա Մութլուի հաւաքածոն, քանզի դա մեր ինքնութեան տողանցքն էր, մենք տեսանք մեզ այնպէս, ինչպիսին մենք եղել էինք սկսած 1590 թուականից… մեր հողերում։
29 Մայիս 2015
Մհեր Խաչատրեանի նկարները այստեղ եւ ԱՄՆ-ում
24 Ապրիլին 60 երկրներից ժամանած ներկայացուցիչներ Ծիծեռնակաբերդում կանգնեցին հայ ժողովրդի կողքին։ Նաեւ 4 երկրների նախագահներ՝ Ֆրանսիայի, Ռուսաստանի, Կիպրոսի եւ Սերպիայի։ Ինչո՞ւ յատկապէս այդ 4 երկրները ներկայացան նախագահի մակարդակով։
22 Մայիս 2015
Ներքին պատերազմով Սուրիոյ արուեստը համաշխարհայնացաւ
15 Մայիս 2015
Իսթանպուլեան Մարտահրաւէրին Ընդառաջ
Նկարչութեան մեկնակէտը առաջին հերթին գիծն է անկասկած։ Նախնական մարդը հետք թողած որեւէ իրով՝ ածուխի, գաճի կամ կաւի միջոցաւ նախ գիծ մը գծեց քարայրի պատին վրայ։ Ապա փորձեց ընդօրինակել իր շուրջը տեսածները։ Շատ աւելի ուշ եկաւ այդ գծուածները ներկելու խորհուրդը։ Գիծը այսօր ալ գեղանկարչութեան կարեւորագոյն միջոցն է։ Եւ արուեստագէտը այս օր ալ իր շուրջը տեսածները կը վերարտադրէ գիծերով։ Անշուշտ հիմա քարայրի պատերուն տեղ կը նախընտրէ թուղթն ու մատիտը կամ կտաւն ու վրձինը։ Բայց ինչպէ՞ս կրնանք մերժել քաղաքի պատերը զարդարող հնարամտութիւնը՝ կրաֆիթին։ Արդարեւ կրաֆիք արուեստն ալ գեղանկարչութեան անբաժան մասնիկն է։
15 Մայիս 2015
Ցեղասպանութիւնը կերպարուեստի լեզուով
Հայաստանի ազգային պատկերասրահում։ Ի՞նչ կատարուեց մեզ հետ 100 տարի առաջ։ Արիւնահեղութիւն։ Այսօր մենք զոհի բարդոյթից ձերբազատւում ենք, փոխելով «արիւնահեղութիւն» հասկացութիւնը «արիւնառութիւն»ով։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսի ասած «արիւնը աւիշը դարձաւ մեր կեանքին, տալով իմացեալ մահով նահատակուելու քաջութիւնը»։
15 Մայիս 2015
«Նուագելու ես ժողովուրդիդ համար»
Հայոց ցեղասպանութիւնը խորհրդանշող անմոռուկ ծաղիկը 2015-ի տարեմուտով իրենց վզին կախող կամ լամբակին ագուցողները գիտէին թէ այդ նշանը պիտի պահեն ամբողջ տարուան ընթացքին, նոյնիսկ աւելի ալ երկար։ Այդ գիտակցութիւնով էր որ «Քալան» ընկերութեան սեփականատէր Հասան Սալթըք տակաւին 2013-ին անուանի երաժիշտ Արա Տինքճեանին խորհուրդ կու տար որ յատուկ ձայնագրութիւն մը պատրաստելու է Մեծ եղեռնի դարադարձին հրատարակելու համար։ «Դուն կը որոշես թէ մենանուագ պիտի ըլլայ, թէ ոչ փոքր կամ մեծ նուագախումբի ընկերակցութիւն։ Ուր որ ուզես կրնաս ձայնագրել, ԱՄՆ, Հայաստան կամ Թուրքիա։ Կարեւոր է ժողովուրդիդ համար այս բանը ընելդ» ըսած էր։ Տինքճեան կը խոստովանի որ այս առաջարկը բաւական ցնցած էր զինք։ Ոդիսականը լսենք Արա Տինքճեանի խօսքերով՝ որոնք տեղադրուած են «Յոյս եւ Իրողութիւն» ալպոմի կողքաշապկին մէջ։
15 Մայիս 2015
Զահրատի 91-րդ տարեդարձը կը նշուի նոր թրքերէն թարգմանութեամբ մը
Շաբաթ 9 Մայիսին Պէյօղլուի Ճեզայիր սրահին մէջ տեղի ունեցաւ գրական երեկոյ նուիրուած Զահրատի (Զարեհ Եալտըզճեան) 91-րդ տարեդարձին, որուն ընթացքին ներկայացուեցաւ նայեւ երեկոյի կազմակերպիչ «Արաս» Հրատարակչատան կողմէ հրատարակուած հեղինակին թրքերէն թարգմանութիւններու հատորը։
15 Մայիս 2015
Բաժանորդագրուէ!
Դուք կարող էք աջակցիլ «Ակօս»ին՝ բաժանորդագրուելով։ Բաժանորդագրուեցէք, նուիրէք կամ թողէք բաժանորդագրութիւն հետաձգուած։
«Սայաթ Նովա» Երգչախումբի Սպասուող Համերգը
Կազմուելուն 42-րդ տարեդարձը անցեալ տարի տօնած «Սայաթ Նովա» երգչախումբը 22 Մայիսին համերգ պիտի ունենայ։ «Կռունկ» խորագրուած համերգը հանդիսատեսին պիտի ներկայացնէ 100 տարի առաջ Անատոլու ապրած հայ երաժիշտներուն եւ երգահաններուն գործերը։ Համերգին որդեգրած կարգախօսը «խապրիկ մը մեր աշխարհէն» առնուած է «Կռունկ» երգէն։ Շիշլի Քէնթ Մշակութային Կեդրոնին մէջ տեղի ունենալիք համերգը ժամը 9-ին պիտի սկսի։ Այս առթիւ զրուցեցինք երգչախումբի ղեկավար Մելիքճան Զամանի եւ վարչութեան անդամ Նարօտ Էրքօլի հետ։
15 Մայիս 2015
Վարուժան չի մեռնիր
Իրականութեան մէջ կը մեռնի, եւ մենք կարողութիւնը եւ իրաւունքը ունինք իր մահը սգալու։ Իրաւունքը մէկ կողմ, դժուարը սգալու կարողութիւնն է։ Չի բաւեր կորսնցնել, նաեւ մենք կը կրենք ցաւը չսգալու։ Չենք կրցած նոյնիսկ սգալ, լալ, հեծկլտալ ու մղկտալ։ Եթէ սգացած ենք, սգացած ենք գաղտնագողի։ Քանի որ եթէ Պոլսոյ մէջ արգիլուած եղած է, ապա սփիւռքի մէջ ամօթալի եղած է սգալ, հարկաւոր եղած է ոտքի կենալ, ոտքի մնալ, հարկաւոր եղած է վերապրիլ։ Կամ արգիլուած, կամ վերապրելով տարուած, մոռցած ենք սգալ։
11 Մայիս 2015
Գիրքի մը ոդիսականը՝ «Մեծ Մօրս Հէքեաթները»
Կարգ մը գիրքեր գնահատանքի արժանի են ոչ միայն իրենց բովանդակութիւնով, այլ նաեւ ստեղծման ամբողջ գործընթացով։ Այս հաստատումը կ՚ընենք, քանի որ կը տեսնենք թէ անոնք մեծ դժուարութիւններ յաղթահարելով հասած են ընթերցողին։ Այդ տեսակ գիրք մըն է Սերտար Ճանի «Մեծ Մօրս Հէքեաթները» անուն գիրքը, որուն հեղինակը ամենածանր տանջանքներով ծանօթ Տիյարպէքիրի բանտէն արձակուելով, 1991-ին, Թուրքիոյ համար խիստ դժուար տարեթիւի մը համարձակեցաւ 1915-ի Հայոց ցեղասպանութեան մասին գրելու։ Մահապարտ մըն էր ան ու ամէն օր կը սպասէր այդ պատիժին գործադրման։ Բայց յեղափոխականը մահուան ճանապարհին իսկ պիտի մտածէ Թուրքիոյ պետութեան ուրացումով, ժխտումով, սուտով հիւսած պարիսպը փլելու մասին։ Երջանկութիւն է տեսնել որ այդ պարիսպը փլելու ուխտածներու թիւը օրըստօրէ կ՚աւելնայ։ Այս գիտակցութիւնով գիրքի հրատարակութենէն 24 տարիներ ետք ուզեցինք հեղինակին՝ Սերտար Ճանի հետ զրուցել։
14 Ապրիլ 2015
Ցեղասպանութիւնը երգիծանկարիչների աչքերով
Այս տարուայ գրաֆիկական հումորի միջազգային փառատօնը, որին մասնակցեցին 47 երկրների 141 երգիծանկարիչներ, հայերի ցեղասպանութեան 100-եակից զատ արձագանգեց ժամանակակից աշխարհի պատերազմների արդիականացուած ձեւերին։
13 Ապրիլ 2015
Ե. Օտեան եւ Յ. Պարոնեան՝ Պողազիչի Համալսարանին Մէջ
Պողազիչի Համալսարանի Թատերախումբը՝ «Գիշեր Մը Փերայի Մէջ» խորագրուած թատերական գործով պիտի ներկայանայ հանդիսատեսին։
13 Ապրիլ 2015
Հրանդ Տինք Հիմնարկէն կոչ թեկնածութեան
Հրանդ Տինք Հիմնարկը ինչպէս նախորդ տարիներ այս տարի ալ կոչ կ՚ուղղէ համացանցի եւ մամուլի միջոցաւ բոլոր անոնց, որոնք պիտի կարենան թեկնածուներ առաջարկել միջազգային Հրանդ Տինք Մրցանակի համար։ Հիմնարկի այս նախաձեռնութեան շնորհիւ Իսթանպուլի տարեկան տոմարին մէջ նշուած օր մը դարձաւ 15 Սեպտեմբերը՝ Հրանդ Տինքի ծննդեան օրը։
13 Ապրիլ 2015
Մերի Մունին նկարները «Մամութ» արուեստի նախագիծով
«Ակօս»ի ընթերցողներուն ծանօթ գեղանկարիչ Մերի Մուն կը ներկայանայ իր ստեղծագործութիւններով
3 Ապրիլ 2015
Արեւավիշապ- 2015
Մարտի 19-ից մինչեւ Ապրիլի 1-ը Երեւանի Նկարիչների Տանը անցնում է Արեւավիշապ միջազգային գրաֆիկական հումորի փառատօնը, որն արդէն 3 տարեկան է։ 2013-ին Արեւավիշապի թեման գիրքն էր, քանզի Հայաստանը նշում էր հայ գրատպութեան 500-ամեակը։
3 Ապրիլ 2015
24 Ապրիլի համար երկու համերգ
Ցեղասպանութեան 100 ամեակի տարելիցին առթիւ Տիյարպէքիրի Սուրբ Կիրակոս եկեղեցւոյ մէջ համերգ մը տեղի պիտի ունենայ։ Ռաֆֆի Պետրոսեանի դաշնամուրային մենահամերգը, 23 Ապրիլ, Հինգշաբթի օրը, ժամը 19.00-ին պիտի սկսի։ Համերգէն առաջ, ժամը 18.30-ին ցեղասպանութեան զոհ 1.5 միլիոն հայ նահատակներուն յիշատակին մոմավառութիւն մը տեղի պիտի ունենայ։
27 Մարտ 2015
Արմեն Մեհրաբեանը Հայաստանի իրականութեան մէջ
Ամէն թռչուն թեւեր ունի եւ կարող է չուել տաք Եգիպտոս, բայց ճանապարհը գիտի միայն երամը։ Թռչուններից կազմուած երամը դառնում է մի մարմին եւ ձեռք է բերում այն բնազդը, որն օգնում է գտնել ճանապարհը դէպի Եգիպտոս։ Այդ բնազդը գործում է միայն այն դէպքում, երբ թռչունները երամի մէջ են միաւորւում։ Եթէ նրանք թռացրիւ լինեն, ապա բնազդը կ՚անհետանայ եւ թռչունները վայր կ՚ընկնեն անկենդան։ Չուելու ընթացքում ամէն թռչուն տրւում է երամին, դառնալով նրա մասնիկը… Գեղեցիկ է, այնպէս չէ։ Հրանդ Մատթէոսեանի խոհերից է։ Մեր ազգի մասին չէ, անշուշտ։ 100 տարուայ մէջ երամ չկազմեցինք, տաղանդաւոր անհատները, որոնք կան ամէն բնագաւառում, մնացին անպահանջ ու առանձին, նրանց տաղանդը չծառայեց ազգին եւ պետականաշինութեանը։
23 Մարտ 2015
Մօտա՝ ներկայացումի մը առիթով
Կը զգաս գաղութը, իր ամբողջ ուժով ու ներուժով ու ինքնութեամբ- մինքնութեամբ։ Եկած են մարդիկը, ահա հոս են բոլորը, նոյնքան կենդանի որքան մերինները, նոյնքան բամբասող, նոյնքան հագուած շքուած, նոյնքան մրցակցային։
23 Մարտ 2015
Հարցազրոյց Արփի Աթաբեկեանի հետ
Անտարես-ը հրատարակած է թրքերէնէ թարգմանուած երեք գիրքեր, Ահմէտ Համտի Թանփընար-ի «Խաղաղութիւն», Էլիֆ Շաֆաքի «Իսթանպուլի Բիճը» եւ Օրհան Փամուքի «Իմ անունը կարմիր է» գիրքերը։ Երեք գիրքերուն ալ թարգմանիչը Արփի Աթաբեկեանն է։ Արփիին հետ կը խօսինք այս թարգմանութիւններուն մասին, անոնց գրականութեան, այս գրականութեան հայաստանցի ընթերցողին ներկայացման, եւ ընդհանրապէս Հայ-Թուրքի իրականութեան գրական երեսակին շուրջ։
18 Մարտ 2015
1
2
3
4