ԱՌՕՐԵԱՅ

Էջ 122
Գիրքի մը ոդիսականը՝ «Մեծ Մօրս Հէքեաթները»
Գիրքի մը ոդիսականը՝ «Մեծ Մօրս Հէքեաթները»
Կարգ մը գիրքեր գնահատանքի արժանի են ոչ միայն իրենց բովանդակութիւնով, այլ նաեւ ստեղծման ամբողջ գործընթացով։ Այս հաստատումը կ՚ընենք, քանի որ կը տեսնենք թէ անոնք մեծ դժուարութիւններ յաղթահարելով հասած են ընթերցողին։ Այդ տեսակ գիրք մըն է Սերտար Ճանի «Մեծ Մօրս Հէքեաթները» անուն գիրքը, որուն հեղինակը ամենածանր տանջանքներով ծանօթ Տիյարպէքիրի բանտէն արձակուելով, 1991-ին, Թուրքիոյ համար խիստ դժուար տարեթիւի մը համարձակեցաւ 1915-ի Հայոց ցեղասպանութեան մասին գրելու։ Մահապարտ մըն էր ան ու ամէն օր կը սպասէր այդ պատիժին գործադրման։ Բայց յեղափոխականը մահուան ճանապարհին իսկ պիտի մտածէ Թուրքիոյ պետութեան ուրացումով, ժխտումով, սուտով հիւսած պարիսպը փլելու մասին։ Երջանկութիւն է տեսնել որ այդ պարիսպը փլելու ուխտածներու թիւը օրըստօրէ կ՚աւելնայ։ Այս գիտակցութիւնով գիրքի հրատարակութենէն 24 տարիներ ետք ուզեցինք հեղինակին՝ Սերտար Ճանի հետ զրուցել։
14 Ապրիլ 2015
Նոր Լոզան կամ նոր Թուրքիա
Նոր Լոզան կամ նոր Թուրքիա
Մերձաւոր արեւելեան քաղաքատնտեսական ներկայ զարգացումներու վրայ իր առանձնայատուկ ազդեցութիւնը ունի քրտական գործօնը։ Միջազգային յարաբերութիւններու մակարդակով քրտական հարցը առաջին անգամ բարձրացուած է Վերսայլեան աշխարհակարգի հաստատման շրջանակներուն։ 1920 թուի Սեւրի դաշնագիրը Թուրքիոյ կը պարտադրէր Քիւրտիստանին ինքնավարութիւն տրամարդրել։ Երբ 1923-ին Սեւրին յաջորդեց Լոզանի խորհրդաժողովը, քրտական հարցը դարձեալ քննարկման նիւթ եղաւ։ Թուրքիոյ Ազգային Ժողովը անմիջապէս հեռագրեց Լոզան, ըսելով որ քրտերը երբեք չեն բաժնուիր Թուրքիայէն։ Հեռագիրը ստանալով թրքական պատուիրակութեան ղեկավար Իսմէթ Փաշան Լոզանի մէջ յայտարարեց թէ Թուրքիա կը պատկանի երկու ժողովուրդներու՝ թուրքերուն եւ քիւրտերուն։ Սակայն ինչպէս յայտնի է աւելի ետք Թուրքիոյ մէջ արգիլուեցաւ քրտերէնը եւ քիւրտերը հռչակուեցան «Լեռնային Թուրքեր»։
18 Մարտ 2015
Գնա՛ էջին սկիզբ