Հրատարակութեան թուական: 20 Հոկտեմբեր 2015 12:14
 ~ Վերջին թարմացում: 20 Հոկտեմբեր 2015 12:18
read.ReadTime

Ես առոյգ եմ այդ հողերուն վրայ

74 ամեայ Ստեփան Պոտուեան լիոնաբնակ ֆրանսահայ մըն է։ Երիտասարդութեան տարիներէն ի վեր կը ճամբորդէ աշխարհի զանազան վայրերը։ Դէպի Թուրքիա իր առաջին ճամբորդութիւնը կը կատարէ 1968-ին, Կապատովկիա։ 1969-ին երկրորդ այցելութիւնը ուղղուած է Արեւմտեան Հայաստան։ Պատահաբար կը ծանօթանայ քիւրտ երիտասարդի մը, որուն հետ բարեկամութիւնը կը շարունակուի մինչեւ քանի մը տարի առաջ, երբ ան ոճիրի մը զոհ կ՚ըլլայ Փարիզի մէջ։ «Զաւակները իմ զաւկիս նման կը սիրեմ։ Երբ որ Թուրքիա գամ, անպայման կ՚այցելեմ իրենց ընտանիքը» կ՚ըսէ Պոտուեան։
Պատկերը մեծցնել
Ես առոյգ եմ այդ հողերուն վրայ
ԼՈՒՍԱՆԿԱՐ՝ ՊԵՐՃ ԱՐԱՊԵԱՆ
Գնա՛ էջին սկիզբ