Հրատարակութեան թուական: 9 Յուլիս 2015 14:23
 ~ Վերջին թարմացում: 9 Յուլիս 2015 14:47
read.ReadTime

Երեւանեան ուղեցոյց

Ինչպէս բո­լոր եր­կիրներ ու Թուրքիոյ բնա­կիչ­նե­րու հա­մար ալ եկած է ար­ձա­կուրդի ամիս­նե­րը։ Նա­խապէս Հա­յաս­տան այ­ցե­լած­ներ, երբ կը փոր­ձեն իրենց բա­րեկամ­նե­րուն յանձնա­րարել դէ­պի Հա­յաս­տան ճամ­բորդու­թիւն, յա­ճախ կ՚են­թարկո­ւին «իս­կա­պէս կ՚ար­ժէ՞», «ար­ձա­կուրդի հա­մար Հա­յաս­տան կարելի՞ է երթալ», «ի՞նչ կայ որ հոն», «ելեկտրա­կանու­թիւն կա՞յ»ի նման հար­ցումնե­րու։ Ճիշդ է որ Հա­յաս­տա­նի ցա­մաքա­յին սահ­մա­նը գոց է 1993-էն այս կողմ։ Բայց ամէն շա­բաթ եր­կու ինքնա­թիռ­ եր­կու ժա­մուայ թռիչ­քով Իս­թանպու­լը կը կա­պեն Երե­ւանին։ Մենք հա­մոզո­ւած ենք որ ար­ձա­կուրդի հա­մար ճիշդ ընտրու­թիւն մըն է Հա­յաս­տա­նը։ Ապա­ցոյ­ցը նա­խապէս գա­ցած­նե­րու տպա­ւորու­թիւնն է։ Եր­կի­րը Յու­լիս ամ­սո­ւայ մէջ կը պատ­րաստո­ւի «Ոս­կէ Ծի­րան» մի­ջազ­գա­յին կի­նօփա­ռատօ­նին։ Իսկ Օգոս­տո­սի սկիզ­բին կը մեկ­նարկէ «Հա­մահայ­կա­կան Ողիմ­պիական խա­ղերը»։ Այս բո­լորը նկա­տի ու­նե­նալով հա­մառօտ ու­ղե­ցոյց մը պատ­րաստեցինք Հայաստան այցելելու մտադիր եղողներուն համար։
Պատկերը մեծցնել
Երեւանեան ուղեցոյց
Գնա՛ էջին սկիզբ