Հրատարակութեան թուական: 5 Մայիս 2015 12:20
 ~ Վերջին թարմացում: 5 Մայիս 2015 13:49
read.ReadTime

Ո՞ւր է մեր քաղաքը

Մեր քաղաքները երկնաքերներով չեն յատկանշուիր։ Մեր քաղաքները ոլոր մոլոր պողոտաները չեն, ոչ իսկ քաղաքային պարտէզները, թաղամասերը կամ նաւահանգիստները։ Շուկաները չեն մեր քաղաքները, եւ կամ տուները։ Մեր քաղաքներուն մէջ մարդիկ չեն հեծիր սրընթաց գնացքներուն, կառքերուն, հանրակառքերուն։ Մայթեր ալ չկան հոն, հետիոտն անցորդներն ալ չկան։ Թատրոն եւ սինեմա ալ չկայ մեր քաղաքներուն մէջ։ Ազդանշաններ չկան, ազդատախտակներ չկան։ Եկեղեցի ու դպրոց ալ չկայ։ Գերեզմանատուն իսկ անկարելի է գտնել։ Մեր քաղաքներուն մէջ հրապարակներ չկան, եւ հրապարակներուն մէջտեղը կանգնեցուած արձաններ ու աշտարակներ չկան։
Գնա՛ էջին սկիզբ