Հրատարակութեան թուական: 11 Մայիս 2015 13:22
 ~ Վերջին թարմացում: 11 Մայիս 2015 13:29
read.ReadTime

Վարուժան չի մեռնիր

Իրա­կանու­թեան մէջ կը մեռ­նի, եւ մենք կա­րողու­թիւնը եւ իրա­ւունքը ու­նինք իր մա­հը սգա­լու։ Իրա­ւունքը մէկ կողմ, դժուարը սգա­լու կա­րողու­թիւնն է։ Չի բա­ւեր կորսնցնել, նաեւ մենք կը կրենք ցա­ւը չսգա­լու։ Չենք կրցած նոյ­նիսկ սգալ, լալ, հեծկլտալ ու մղկտալ։ Եթէ սգա­ցած ենք, սգա­ցած ենք գաղտնա­գողի։ Քա­նի որ եթէ Պոլ­սոյ մէջ ար­գի­լուած եղած է, ապա սփիւռքի մէջ ամօ­թալի եղած է սգալ, հար­կա­ւոր եղած է ոտ­քի կե­նալ, ոտ­քի մնալ, հար­կա­ւոր եղած է վե­րապ­րիլ։ Կամ ար­գի­լուած, կամ վե­րապ­րե­լով տա­րուած, մոռ­ցած ենք սգալ։
Պատկերը մեծցնել
Վարուժան չի մեռնիր
FOTOĞRAF: SONA MENTEŞE
Գնա՛ էջին սկիզբ