Հրատարակութեան թուական: 13 Ապրիլ 2015 16:16
 ~ Վերջին թարմացում: 13 Ապրիլ 2015 16:19
read.ReadTime

Վարք ու բարք

Քու­պա­նական ֆիլ­մին մէջ այն փոք­րիկ տղան է, որ կը քա­լէ իր քա­ղաքին փո­ղոց­նե­րուն մէջ, չա­րու­թիւններ կ՚ընէ դպրո­ցին մէջ, կը պատ­ժուի ամէն օր, եւ ի վեր­ջոյ կը կա­խակա­յուի։ Մայ­րը մարմնա­վաճառ եւ թմրա­մոլ, հայր չու­նի, մօր սի­րեկա­նը շնա­մար­տի խա­ղաց­նող, եւ ինք ամէն օր ակա­նատես կ՚ըլ­լայ իր սի­րելի շու­նիկնե­րու վայ­րագ ճա­կատումնե­րուն։ Ան­դին փոք­րիկ աղ­ջիկ մը, պա­ղես­տինցի գաղ­թա­կանի զա­ւակ, հայ­րը առ­տուընէ իրի­կուն շրջուն ման­րա­վաճառ, որ ամէն գնող կը փոր­ձէ խու­սա­փիլ ոս­տի­կան­նե­րէն։ Ու ասոնց նման տար­բեր այլ կեանք։ Բո­լորն ալ մէկ­տե­ղուած «Վարք ու բարք»-ին մէջ, Էր­նէսթօ Սէր­րա­նոյի բե­մադ­րութեամբ (imdb.com/title/tt3595966)։
Պատկերը մեծցնել
Վարք ու բարք
Գնա՛ էջին սկիզբ