Հրատարակութեան թուական: 23 Յուլիս 2015 12:48
 ~ Վերջին թարմացում: 23 Յուլիս 2015 12:51
read.ReadTime

Թռչնոց Բոյ՞նն ալ թռաւ

Հայոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100-ամեակն է։ Հա­մայն հա­յու­թիւնը միաձայն իր բո­ղոքը կ՚ար­տա­յայ­տէ առ Թուրքիա, պա­հան­ջե­լով կա­տարո­ւած ոճի­րի ճա­նաչումն ու հա­տու­ցումը։ Ան­շուշտ իւ­րա­քան­չիւր գա­ղութ իրեն յա­տուկ ձե­ւով կ՚ոգե­կոչէ 100-ամեակը, տար­բեր մի­ջոցա­ռումներ կազ­մա­կեր­պե­լով. հո­գեհանգստեան պաշ­տօն, քայ­լարշաւ, բո­ղոքի ցոյց, մշա­կու­թա­յին ձեռ­նարկ, եւայլն։ Այս ծի­րին մէջ, Մե­ծի Տանն Կի­լիկիոյ Կա­թողի­կոսու­թիւնը ինքն ալ ու­նէր պատ­կա­ռելի մի­ջոցա­ռումնե­րու իր ցան­կը Լի­բանա­նի մէջ, որոնց անդրա­դառ­նալ կա­րելի չէ միայն այս կարճ գրու­թեամբ։ Բայց մաս­նա­ւոր ու­շադրու­թեան կ՚ու­զեմ յանձնել այս ձեռ­նարկնե­րու շղթա­յին մէկ օղա­կը կազ­մող՝ Լի­բանա­նի Ժը­պէյլ քա­ղաքին մէջ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան Որ­բե­րու Թան­գա­րանը, որուն բա­ցու­մը կա­տարո­ւեցաւ Շա­բաթ 18 Յու­լիս 2015-ին։
Պատկերը մեծցնել
Թռչնոց Բոյ՞նն ալ թռաւ
Գնա՛ էջին սկիզբ