Հրատարակութեան թուական: 23 Յուլիս 2015 12:44
 ~ Վերջին թարմացում: 29 Յուլիս 2015 13:00
read.ReadTime

Դէպի ակունքն Արեգական

«Ակօս»ի բարեկամներէն Ամէտ Կէօքչէն «Մերօրեայ պատմահայրը» կը կոչէր թերթիս հայերէն էջերու աւագ խմբագիր Սարգիս Սերովբեանը։ Իր թարմ կորուստով մենք զրկուած էինք առասպելներու եւ դիցաբանութեան կախարդական աշխարհին վերաբերող յօդուածներէ։ Ուրախութիւնով կը ներկայացնենք այս անգամ եթէ ոչ պատմահայր, բայց ապագայ պատմաքոյր կոչելու արժանի երիտասարդ յօդուածագիր մը։ Յետայսու այս էջերու վրայ ան աւանդազրոյցներ կը փոխանցէ հայ վիպասանութեան հսկայ ժառանգէն գաղուած եւ մենք ալ ձեւով մը շարունակած կ՚ըլլանք սիրելի Սարգիս Սերովբեանի թողած աւանդը։
Գնա՛ էջին սկիզբ