Հրատարակութեան թուական: 13 Մարտ 2015 12:57
 ~ Վերջին թարմացում: 13 Մարտ 2015 13:19
read.ReadTime

Դպրոցը իր հոգերով

Հայաստանի Հանրապետութիւնը 1991-ին հիմնուեցաւ Սպիտակի երկրաշարժի եւ Ղարաբաղի պատերազմի աւերակներուն վրայ։ Պատերազ մի հետեւանքով երկիրը շրջափակման մէջ էր։ Մեծամօրի ադոմակայանը փակուած էր նորաստեղծ պետութեան կողմէ։ Կը տիրէր ուժանիւթի ճգնաժամ։ Իշխանափոխութեան հետեւանքով երկրի տնտեսութիւնը ամբողջովին քայ այուած էր։ Նախապէս զարգացած ճարտարագիտական աւանդ ունեցող Խորհրդային Հայաստանի բոլոր գործարանները թալանուած, նոյնիսկ գործող հաս տոցնե րը մետաղեայ թափածոյ որպէս թալանիչներու կողմէ ծախուած էր Պարսկաստանին եւ Թուրքիոյ։ Այս պայմաններու տակ գործազրկութիւնը հասաւ անտանելի համեմատութիւններու։ Ընտանիքի պատասխանատուութիւնը ուրիշ միջոց չէր թողուր եթէ ոչ աշխատանքի համար արտագաղթել։
Պատկերը մեծցնել
Դպրոցը իր հոգերով
Գնա՛ էջին սկիզբ