Հրատարակութեան թուական: 3 Ապրիլ 2015 17:11
 ~ Վերջին թարմացում: 3 Ապրիլ 2015 17:15
read.ReadTime

Սերովբեանին երանի

1996-ի Զատկի օր մըն էր, երբ պոլսահայ մամուլի ասպարէզին մուտք գործեց «Ակօս», իբրեւ աննախադէպ փորձ մը, որպէս թրքալեզու հայթերթ։ Սա պահուն նշանակութիւն չունի այդ աննախադէպի պատճառած վերապահութեան եւ տարակուսանքին մասին խօսիլ։ Որոշ չափով հասկնալի էր այդ վերապահութիւնը, որքան ալ տրամաբանութենէ հեռու ըլլային նման գործընթացի մը անպատեհութեան մասին առաջարկուած պատճառաբանութիւնները։
Պատկերը մեծցնել
Սերովբեանին երանի
Գնա՛ էջին սկիզբ