Հրատարակութեան թուական: 29 Մայիս 2015 13:08
 ~ Վերջին թարմացում: 29 Մայիս 2015 13:26
read.ReadTime

Սկուհի Տուտու Գումգափուի Մէջ

Ընթեր­ցո­ղը նե­րող թող ըլ­լայ, եթէ սոյն լրա­տուու­թիւնը զանց կ՚առ­նէ լրագ­րո­ղու­թեան ամե­նահիմ­նա­կան կա­նոն­նե­րը։ Ծա­նօթ իրո­ղու­թիւն է որ լրագ­րութեան աս­պա­րէզին մէջ խմբա­գիրը պէտք է հնա­զան­դի իր փո­խան­ցած լու­րի հա­ւաս­տիու­թիւնը երաշ­խա­ւորող տո­ւեալ­նե­րու։ Բայց մեր աս­պա­րէզին հա­մար այդ կա­նոնը սահ­մա­նող­նե­րը ան­շուշտ որ չէինք պատ­կե­րացու­ցած թէ ի՞նչ կը նշա­նակէ Թուրքիոյ Հա­յոց Պատ­րիար­քա­րանէ լուր մը իմա­նալ նոյն ինքն այդ Պատ­րիար­քա­րանի ժո­ղովուրդը հե­տաքրքրող նիւ­թի շուրջ։ Եթէ այդ մա­սին պատ­կե­րացում մը ու­նե­նային, եր­բեք այսքան գաղտնապահ չէին ըլ­լար եւ մենք ալ մեր կար­գին չէինք հար­կադրո­ւէր Սկու­հի Տու­տույի փո­խան­ցած տե­ղեկու­թիւննե­րով լուր խմբագ­րե­լու։ Բայց ընե­լիք բան չկայ մեր մօտ, գաղտնա­պահւթիւ­նը բո­լոր ար­ժա­նիք­նե­րէն վեր կը դա­սուի եւ ոչ ոք կը հա­մար­ձա­կի այդ գաղտնա­պահու­թիւնը խա­փանե­լու։ Ինչ կա­րելի է ընել, եթէ Պատ­րիար­քա­կան Աթո­ռը իր ամ­բողջ ու­ժով կը մեր­ժէ մեր հար­ցումնե­րուն պա­տաս­խա­նը տա­լու։
Պատկերը մեծցնել
Սկուհի Տուտու Գումգափուի Մէջ
Գնա՛ էջին սկիզբ