Հրատարակութեան թուական: 29 Մայիս 2015 13:21
 ~ Վերջին թարմացում: 29 Մայիս 2015 13:30
read.ReadTime

Սայաթ Նովա ճիշդ ճամբու վրայ

Սայաթ Նո­վա Երգչա­խումբը այս տա­­րի ալ գե­­ղարո­ւես­­տա­­­կան եղա­­նակի վեր­­ջին օրե­­րուն ար­­ձա­­­նագ­­րեց կա­­րեւոր նո­ւաճում մը ներ­­կա­­­յաց­­նե­­­լով իր տա­­րեկան հա­­մեր­­գը՝ «Կռունկ, խապ­­րիկ մը մեր աշ­­խարհէն» խո­­րագի­­րով։ Պոլ­­սա­­­հայ հա­­սարա­­կու­­թեան հա­­մար ծա­­նօթ իրո­­ղու­­թիւն է, որ Սա­­յաթ Նո­­վա Երգչա­­խումբը իր տա­­րեկան հա­­մերգնե­­րը կը ներ­­կա­­­յաց­­նէ խո­­րագ­­րի մը ներ­­քեւ։ Այս տա­­րի նկա­­տի ու­­նե­­­նալով դա­­րադար­­ձի խոր­­հուրդը, այդ խո­­րագի­­րը եղաւ կո­­րուստեալ հայ­­րե­­­նիքի գո­­վեր­­գութիւ­­նը ընող եր­­գե­­­րէ բաղ­­կա­­­ցող յայ­­տա­­­գիր մը։ Մելիքճան Զա­­մանի մա­­կանին ներ­­քեւ բեմ բարձրա­­ցող Սա­­յաթ Նո­­վացի­­ներ եր­­գի զու­­գա­­­հեռ ներ­­կա­­­յացու­­ցին նաեւ գրա­­կանութեան նմոյշներ։
Պատկերը մեծցնել
Սայաթ Նովա ճիշդ ճամբու վրայ
FOTOĞRAF: Sona Menteşe
Գնա՛ էջին սկիզբ