Հրատարակութեան թուական: 15 Մայիս 2015 14:43
 ~ Վերջին թարմացում: 15 Մայիս 2015 14:46
read.ReadTime

«Նուագելու ես ժողովուրդիդ համար»

Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը խորհրդան­շող ան­մո­ռուկ ծա­ղիկը 2015-ի տա­րեմու­տով իրենց վզին կա­­խող կամ լամ­­բա­­­կին ագու­­ցողնե­­րը գի­­տէին թէ այդ նշա­­նը պի­­տի պա­­հեն ամ­­բողջ տա­­րուան ըն­­թացքին, նոյ­­նիսկ աւե­­լի ալ եր­­կար։ Այդ գի­­տակ­­ցութիւ­­նով էր որ «Քա­­լան» ըն­­կե­­­րու­­թեան սե­­փակա­­նատէր Հա­­սան Սալ­­թըք տա­­կաւին 2013-ին անուանի երա­­ժիշտ Արա Տինքճեանին խոր­­հուրդ կու տար որ յա­­տուկ ձայ­­նագրու­­թիւն մը պատ­­րաստե­­լու է Մեծ եղեռ­­նի դա­­րադար­­ձին հրա­­տարա­­կելու հա­­մար։ «Դուն կը որո­­շես թէ մե­­նանուագ պի­­տի ըլ­­լայ, թէ ոչ փոքր կամ մեծ նուագա­­խումբի ըն­­կե­­­րակ­­ցութիւն։ Ուր որ ու­­զես կրնաս ձայնագրել, ԱՄՆ, Հա­­յաս­­տան կամ Թուրքիա։ Կա­­րեւոր է ժո­­ղովուրդիդ հա­­մար այս բա­­նը ընելդ» ըսած էր։ Տինքճեան կը խոս­­տո­­­վանի որ այս առա­­ջար­­կը բա­­ւական ցնցած էր զինք։ Ոդի­­սակա­­նը լսենք Արա Տինքճեանի խօս­­քե­­­րով՝ որոնք տե­­ղադ­­րուած են «Յոյս եւ Իրո­­ղու­­թիւն» ալ­­պո­­­մի կող­­քա­­­շապ­­կին մէջ։
Պատկերը մեծցնել
«Նուագելու ես ժողովուրդիդ համար»
Գնա՛ էջին սկիզբ