Հրատարակութեան թուական: 2 Յունիս 2015 13:45
 ~ Վերջին թարմացում: 2 Յունիս 2015 13:50
read.ReadTime

Մեր ընտանիքի փաստաթուղթը

Խիստ կը նե­ղուիմ, երբ ըն­թերցող­նե­րէն մէ­կը կը յանդգնի գրած­նե­րուս ճշգրտու­թիւնը հար­ցաքննե­լու։ Այդ ի՞նչ խօսք՝ եթէ ես իրաւ եմ, կամ, կը պատ­մեմ, եթէ կայ մեծ մօրս մայ­րը Փա­րիզ Էօզ­պա­ղը, Մեծ մայրս Փու­փուլ Էօզ­պաղ Քա­րօղ­լուն, եթէ կայ այս պա­տու­մին մէջ մո­ռացուած­նե­րը կամ բաց թո­ղուած­նե­րը մէկ մէկ նշող իր եղ­բայրը Ար­թին Էօզ­պա­ղը, ու­րեմն որո՞ւն չէք հա­ւատար։ Ո՞ր մէ­կուս պատ­մա­ծը կաս­կա­ծով կը դի­տէք։ Մենք հոս ենք ու իրաւ։ Ձեզ հետ նոյն օդը կը շնչենք, նոյն ջու­րը կը խմենք ու նոյն եր­կի­րը հայ­րե­նիք կը հա­մարենք։ Իմ պատ­մածնե­րը կաս­կա­ծի տակ դնել իմ գո­յու­թիւնն ալ ու­րա­նալ կը նշա­նակէ։ Ու­րեմն թո­ղէք որ պատ­մենք մենք մեր պատ­մութիւ­նը։ Լսենք մեծ մօրս Փու­փուլի խօս­քե­րը։ Չէ որ անոր խօս­քե­րը ամ­բողջ ժո­ղովուրդի մըն ալ պատ­մութիւնն են։
Պատկերը մեծցնել
Մեր ընտանիքի փաստաթուղթը
Գնա՛ էջին սկիզբ