Հրատարակութեան թուական: 15 Յունիս 2015 11:38
 ~ Վերջին թարմացում: 15 Յունիս 2015 12:00
read.ReadTime

Խորհրդածութիւններ ընտրութեան մասին

7 Յունիս Կիրակի օր կայացող Խորհրդա­րանի ընտրու­թիւննե­րով Թուրքիա թե­ւակո­խած կ՚ըլ­լայ բո­լորո­վին նոր շրջա­նի մը։ Ընտրու­թիւննե­րը վերջ տուին գոր­ծող ԱՔՓ կու­սակցու­թեան իշ­խա­նու­թեան։ Վեր­ջին 13 տա­րինե­րու ըն­թա­ցիքն այս կու­սակցու­թիւնը առա­ջին ան­գամ զրկուեցաւ առան­ձին կա­ռավա­րու­թիւն կազ­մե­լու իրա­ւունքէն։ Աւե­լի քան 53 մի­լիոն ընտրող­նե­րու գոր­ծա­ծած քուէնե­րով, թէեւ ԱՔՓ կրկին ստա­ցաւ ձայ­նե­րու մե­ծամաս­նութիւ­նը, սա­կայն 255 պատ­գա­մաւոր­նե­րը բա­ւարար չեն առան­ձին կա­ռավա­րու­թիւն կազ­մե­լու հա­մար։ Ընտրու­թեան մէջ բախ­տո­րոշիչ դե­րակա­տարու­թիւն ու­նե­ցաւ Ժո­ղովուրդնե­րու Ժո­ղովրդա­վարու­թեան Կու­սակցու­թիւնը։ Այս շար­ժումը 80 պատ­գա­մաւոր­նե­րով մաս կը կազ­մէ խորհրդա­րանին եւ ճա­կատագ­րա­կան դեր կը խա­ղայ այ­լա­խոհա­կան կա­ռավա­րու­թեան մը կազ­մուելու գոր­ծընթա­ցին մէջ։
Պատկերը մեծցնել
Խորհրդածութիւններ ընտրութեան մասին
Գնա՛ էջին սկիզբ