Հրատարակութեան թուական: 19 Փետրուար 2016 16:14
 ~ Վերջին թարմացում: 7 Մարտ 2016 14:54
read.ReadTime

Խոհեր արեւմտահայերէնի ապագային շուրջ

Ցեղասպանութե­նէ ետք հա­յերը ցրուելով աշ­խարհով մէկ, գո­յացաւ նաեւ լե­զուն պա­հելու խնդիր մը։ Ամէն սե­րունդ իր ապ­րած աշ­խարհագ­րա­կան հա­տուա­ծի պայ­մաննե­րուն հա­մապա­տաս­խան դժուարու­թիւններ յաղ­թա­հարե­լու փոր­ձին մատ­նուեցաւ։ Արեւմտա­հայե­րէնը կեն­դա­նի եւ կեն­սունակ պա­հելու հա­մար ծրագիրներ կը մշա­կուին։ Ներ­կայ պայ­մաննե­րուն մէջ արե­ւելա­հայե­րէնը իբ­րեւ Հա­յաս­տա­նի պե­տական լե­զու, աւե­լի ապա­հով դիր­քի մէջ է։ Միւս կող­մէ սփիւռքի տա­րած­քին գլխա­ւորու­թեամբ Թուրքիոյ, Լի­բանա­նի, առհասարակ Մի­ջին Արե­ւել­քի եւ ամ­բողջ սփիւռքի մէջ օգ­տա­գոր­ծուած արեւմտա­հայե­րէնը ձուլման հե­տեւան­քով մո­ռացու­թեան եւ կո­րուստի սպառ­նա­լիքին տակ կը գտնուի։ Այս մա­սին զրու­ցե­ցինք Լիզ­պո­նի Գա­լուստ Կիւլպէնկեան Հիմ­նադրա­մի մեկ­նած՝ «Զօ­րակ­ցութիւն Արեւմտա­հայե­րէնի» նա­խագ­ծի գոր­ծա­դիր Անի Կար­մի­րեանի հետ։
Պատկերը մեծցնել
Խոհեր արեւմտահայերէնի ապագային շուրջ
Գնա՛ էջին սկիզբ