Հրատարակութեան թուական: 1 Յունիս 2016 21:10
 ~ Վերջին թարմացում: 1 Յունիս 2016 21:15
read.ReadTime

«Քարքարոտ Արահետներ»ուն լռութիւնը

«Քարքարոտ Արահետներ»ուն մէջ երբ կը տեսնէք Առնօ Խայաճանեանը, լուռ մնացէք։ Եկած է իր նախնիներուն հետքերը որոնելու։ Բարեւեցէք լուռ ու մունջ, անձայն անշշուկ անցէք քովէն։ Հարցնող հայեացքներով մի՛ նայիք երեսին, գործ ունի՝ մի՛ խանգարէք։ Կարող է լսէ ձայն մը, որ ծանօթ է իրեն։ Տատը խօսած է այն բարբառով, պապը ըսած է նոյն բառը։ Թողէք քար մը վերցնէ ճամբու եզրէն։ Քարը վաղուց քար դարձած է ձեզի համար, բայց անոր համար նոր կեանք է, նոր աշխարհ… Բարով եկար սիրելիս, փնտռէ ինչ որ գտնես՝ քու նախնեաց շուքն է։ Շուք՝ որ անցեալին շունչ ալ ունէր։
Պատկերը մեծցնել
«Քարքարոտ Արահետներ»ուն լռութիւնը
ԼՈՒՍԱՆԿԱՐ՝ ՊԵՐՃ ԱՐԱՊԵԱՆ
Գնա՛ էջին սկիզբ