Հրատարակութեան թուական: 18 Սեպտեմբեր 2015 13:30
 ~ Վերջին թարմացում: 18 Սեպտեմբեր 2015 13:37
read.ReadTime

Գաղթի ճամբան 80 տարի ետք

Հայրս ծնած էր Տի­յար­պէ­քիրի Հազ­րօ քա­ղաքը։ 1930-ին ինը տա­րեկան էր երբ իր ծնող­նե­րուն հետ գաղ­թեց դէ­պի Հա­լէպ։ Անհրա­ժեշտ ճամ­բորդու­թիւն մըն էր այս։ Մեծ մայրս ու մեծ հայրս ցե­ղաս­պա­նու­թեան տա­րինե­րուն իրենց ըն­տա­նիքին կա­րեւոր մա­սը կորսնցու­ցած որ­բեր էին։ Դի­մադ­րե­ցին բռնի իս­լա­մաց­նե­լու հո­սան­քին եւ Հազ­րօն լքե­լով ապաս­տա­նեցան Տի­յար­պէ­քիր։ Բայց այս տեղն ալ ապա­հով չէր իրենց հա­մար, ու այսպէ­սով հե­տեւե­ցան իրենցմէ առաջ գաղ­թած բա­րեկամ­նե­րու, ազ­գա­կան­նե­րու ու­ղիին ու հա­սան Սու­րիա։
Պատկերը մեծցնել
Գաղթի ճամբան 80 տարի ետք
ԼՈՒՍԱՆԿԱՐ՝ ՊԷՐՃ ԱՐԱՊԵԱՆ
Գնա՛ էջին սկիզբ