Հրատարակութեան թուական: 6 Յուլիս 2015 14:54
 ~ Վերջին թարմացում: 6 Յուլիս 2015 17:20
read.ReadTime

Յեղափոխական հրատարակութեան հազարերորդ յաղթական համարը

Չենք վարանած «յեղափոխական» կոչումը օգտագործելէ, քանի որ թերթիս հիմնադիր Հրանդ Տինք իրաւ յեղափոխական էր։ «Ակօս» անցնող 999 թիւերով ծառայեց Թուրքիոյ, Հայաստանի եւ Պոլսահայոց բարեփոխումներուն։ Յարատեւ պայքար մըն է որ կը շարունակուի աւանդապաշտ յետադիմականութեան դէմ, եւ այդ պայքարը ցարդ արդարացաւ ընկերական կեանքի զարգացումներով։ Երեւոյթ մը՝ որ ուղեցոյց կ՚ըլլայ ապագայի համար ալ։ Յայտարարութիւն մըն է այս, որ կու գայ «Ակօս»ի մերօրեայ խմբագիրներէն, յանուն հաւատարմութեան Հրանդ Տինքի, Սարգիս Սերովբեանի եւ նմաններու աւանդին հանդէպ։
Պատկերը մեծցնել
Յեղափոխական հրատարակութեան հազարերորդ յաղթական համարը
Գնա՛ էջին սկիզբ