Հրատարակութեան թուական: 25 Փետրուար 2016 17:14
 ~ Վերջին թարմացում: 25 Փետրուար 2016 17:29
read.ReadTime

Հայերէնը օտար լեզու չէ որ յետոյ սորվինք

ՄԱԿ-ի կրթութեան, գիտութեան եւ մշակոյթի կազմակերպութիւնը ՈՒՆԵՍՔՕ 2008 տարեթիւը հռչակած էր «Լեզուներու Միջազգային Տարի»։ Նոյն թիւի 18 Փետրուարին հրատարակեց վտանգուած լեզուներու քարտէս մը։ Կը պարզուէր թէ ցարդ խօսուած 6 հազար 700 լեզուներէն 2 հազար 400-ը կորսուելու վտանգի հետ դէմ յանդիման են։ Այդ լեզուներէն 18 հատը կը խօսուէր Թուրքիոյ տարածքին վրայ, որոնցմէ մէկն էր նաեւ Արեւմտահայերէնը։ Արեւմտահայերէն խօսողներու նուազումը թրքահայութեան գլխաւոր մտահոգութիւններէն մէկն է։ Սակայն վերջերս յատկապէս հայ երիտասարդներու մօտ մայրենի լեզուի նկատմամբ հետաքրքրութեան աճը նոր յոյսեր կը թելադրէ։ 21 Փետրուար Մայրենի Լեզուի Համաշխարհային Օրուան առթիւ Արեւմտահայերէնի թրքահայոց համար նշանակած կարեւորութեան շուրջ զրուցեցինք «Ժամանակ» թերթի խմբագիր եւ Մխիթարեան Վարժարանի հայերէնի ուսուցիչ, լեզուաբան, Սեւան Տէյիրմէնճեանի հետ։
Պատկերը մեծցնել
Հայերէնը օտար լեզու չէ որ յետոյ սորվինք
Սե­ւան Տէ­յիր­մէնճեան ԼՈՒՍԱՆԿԱՐ՝ ՊԵՐՃ ԱՐԱՊԵԱՆ
Գնա՛ էջին սկիզբ