Հրատարակութեան թուական: 13 Փետրուար 2015 13:43
 ~ Վերջին թարմացում: 13 Փետրուար 2015 13:45
read.ReadTime

Հայ լոպիները կը ժխտեն Թուրք Վարչապետը

Վարչապետ Ահմետ Տաւութօղլու Կիրակի օր ԱԳՓ կուսակցութեան Իսթանպուլեան համագումարին, երբ հերթական քննադատութիւնը կը կատարէր Ֆեթուլահ Կիւլէնի եւ անոր ԱՄՆ-ի մէջ տարած քաղաքական աշխատութիւններուն մասին, անդրադարձաւ նաեւ սփիւռքահայոց լոպիական աշխատութիւններուն, պնդելով, որ Միացեալ Նահանգներու հայկական, յունական եւ հրեական լոպիները Կիւլէնի հետ համագործակցութեան մէջ են։ Տաւութօղլուի այս պնդումներուն մասին դիմեցինք, ԱՄՆ-ի հայկական ծանօթ կազմակերպութիւններէն, Հայ Իրաւապաշտպաններու միութեան վարչական Էտվին Մինասեանի, որ ժխտեց Վարչապետին այդ պնդումը, ըսելով որ հայ լոպիները աշխոյժ ջանք կը վատնեն Կիւլէնի դպրոցներու փակուելուն համար։
Պատկերը մեծցնել
Հայ լոպիները կը ժխտեն Թուրք Վարչապետը
Գնա՛ էջին սկիզբ