Հրատարակութեան թուական: 20 Փետրուար 2015 12:51
 ~ Վերջին թարմացում: 20 Փետրուար 2015 12:51
read.ReadTime

Յաջորդ հանդիպումները աւելի արդիւնաբեր ըլլան

Անցեալ 11 Փետրուար Չորեքշաբթի երեկոյ, Վարչապետ Ահմէտ Տաւութօղլուի Թուրքիոյ փոքրամասնութիւններու աշխարհական ներկայացուցիչներուն ուղղուած հրաւէրին արձագանգները կը շարունակուին։ Վարչապետին ընթրիքի հրաւէրին ժամանեցին զանազան ազգային կամ կրօնական փոքրամասնութիւններէ շուրջ 40 հրաւիրեալներ։ Հասարակութեան աւելի լայն շերտի մը հետ շփում ապահովելու համար բացի հոգաբարձութեանց կամ թաղականութեանց ներկայացուցիչներէ, հրաւիրուած էին նաեւ հայրենակցական միութիւններու, մամլոյ ծառայութիւններու եւ հարթակներու ներկայացուցիչներ։
Պատկերը մեծցնել
Յաջորդ հանդիպումները աւելի արդիւնաբեր ըլլան
Գնա՛ էջին սկիզբ