Կեցցէ՛ ութերորդ գիւղը
գարին պալ
արդկային պատմութեան համազօր անցեալ ունի բանաստեղծութիւնը։ Մի գուցէ ձայներէն բառ գոյացնելու շրջանէն անմիջապէս ետք մարդիկ մտաբերած ըլլան այդ բառերու որոշ տարրաչափութեան մէջ շարադրութիւնը։ Նմանապէս հեքեաթը եւ պատմուածքը կը հասնին անգիր շրջաններուն, երբ գրականութիւնը բերնէ բերան կը փոխանցուէր վերածուելով աւանդազրոյցի։ Անգիր շրջանի առասպելները գիրերու գիւտով գտան յաւիտենականութիւն եւ ∩Արտաշէսի Հարսանիքը∪ կամ ∩Վահագնի Ծնունդը∪ վէպերը պատմահայր Խորենացիի գրիչով հասան մեր օրերուն։
Այս բոլորի հետ համեմատելով շատ ու շատ նոր գրական ոճ մըն է վէպը։ Ան իր ուրոյն կառուցուածքը ունի եւ ընթերցողին կը մատուցէ խիստ իրաւացի պատումներ։ Մարդկութեան մեծ ալեկոծումներու ենթահողին վրայ փոխանցուած այդ պատումներով Թոլսթոյ, Կոկոլ, Չեխով, Տոսթոյեւսքի գոյացուցին ռուսական դասական գրականութիւնը, մինչ միւս կողմէ Պալզաք, Զօլա կամ Տումա կը կերտէին նոյն դպրոցի ֆրանսական տարբերակը։ Վիպագրութիւնը շուրջ մէկ դարուայ ընթացքին վերածուեցաւ պտղատու ծառի մը, որուն ամէն մէկ ճիւղը լիքն էր տարբեր լեզուներով ստեղծուած գրականութեամբ։ Անցնող Ի. դարը իր աննախադէպ եռուզեռով խթանեց գրական այս բերքը։ Երբ Շթայնպէք կամ Ճէք Լոնտոն ԱՄՆ−ի մէջ կը ծաղկէին մարդու համաշխարհային վիշտը, կսկիծը եւ դիմադրութիւնը ներկայացնող հատորներով, Խորհրդային Միութեան մէջ ալ Պապէլ, Շոլոխով, Օստրովսքի նոյն ճանապարհով կը ձայնակցէին անոնց։ Ճինկիզ Այթմաթով աշխարհի մոռցուած մէկ անկիւնի՝ Ղրկզիստանի ապրումները կը մատուցէր համաշխարհային գրականութեան։
Սակայն գիտութիւններու ամենաարագասլաց ընթացող ժամանակները կ՚ապրինք։ Մերօրեայ ընթերցողը հետզհետէ պիտի դժուարանայ այդ դասական կոչուած գրականութեան հետ լեզու գտնելու։ Ինչպէս շարժանկարի, նոյնպէս գրականութեան մէջ ալ տիրողը գերմարդկայինն է։ Սուփերմէնով, Պետմէնով, Սարդամարդով, Հերի Փորթըրով ողողուած միտքերը նոր գրականութեան մը կը կարօտին։
Այդպիսի գրականութեան վառ օրինակ մը ըլլալ կը թուի ∩ԻՔԷԱ−ի Գզրոցին Մէջ Բանտարկուած Հնդիկի Մը Գերազանց Ճամբորդութիւնը∪։
Ռաժաստանցի խաբեբայ աճպարար մըն է Ազատաշաթրու Լաւաշ Փաթէլ։ Ան կեղծ հարիւր Եւրոյով Փարիզի ԻՔԷԱ−ի խանութը կը մտնէ ∩Քիսիֆրէօթսիֆիք∪ գամեր ունեցող անկողին մը գնելու համար։ Պատահարները այնպէս կ՚ընթանան, որ ան պահ մը բանտարկուած մնայ այդ մեծ խանութի վաճառքի դրուած գզրոցներէն մէկուն մէջ ու այդպէսով ալ երկրէ, երկիր շրջի բովանդակ Եւրոպան, նոյնիսկ պատահարներու բերմամբ հասնի յետքատտաֆիեան շրջանը ապրող Լիպիա։ Զանազան փոխադրական միջոցներով շատ երկար ճանապարհներ հատող Ազատաշաթրու Լաւաշ Փաթէլ առիթը կ՚ունենայ իր խաբեբայ, ստախօս, կեղծաւոր ու եսասէր անցեալին հետ առերեսուելու։ Ճամբորդութեան ընթացքին հանդիպած փախստականները, գաղթականները պատճառ կ՚ըլլան, որ ան վերատեսութեան ենթարկէ իր նախորդ արարքները։
Գիրքի ֆրանսացի հեղինակը Ռօման Փուէրթոլաս այս դժուար արտասանելի հնդիկի անունը յաճախ նիւթ կը դարձնէ զուարճալի բառախաղերու։ Թարգմանութիւնը կատարող Էպրու Էրպաշ ալ նոյն ճամբուն կը դիմէ գիրքը թրքերէն կարդացողներուն մատուցելու ժամանակ։
Փուէրթոլասի յաջողութեան կարեւորագոյն գաղտնիքներէն մէկն ալ հանրածանօթ ԻՔԷԱ մակնիշի գործածութիւնն է։ Կահոյքի շուետացի այս ընկերութեան խանութը ներկայ դրամապաշտութեան բոլոր նրբութիւններուն օգտագործուած մէկ տաճարն է նաեւ։ Այս հսկայ առեւտուրի կեդրոնի մուտքի յարկէն դէպի ելք հասնելու համար, այցելուները պարտաւոր են մէկը միւսէն աչքառու կահաւորուած սենեակներէ, սրահներէ, խոհանոցներէ բաղկացող անծայրածիր նրբանցքներէ անցնելու։ Միայն պարզ, պտուտակաւոր գամ առնելու համար այս խանութը եկող յաճախորդը չ՚անդրադառնար թէ այս անհամար իրերը ինչպէ՞ս ու ե՞րբ հաւաքուեցան իր ձեռքի պարկերուն մէջ։ Ահաւասիկ երեւոյթ մը, որուն ծանօթ են բոլոր մեծ քաղաքներու բնակիչները, որոնք յաճախ ալ կը տուժեն իրենց կամքը անդամալոյծ ընող այս անհաւատալի սպառման մարմաջի պատճառաւ։ Հաւանաբար այս յատկութիւնն ալ իր դերը ունի գիրքին 33 լեզուներու թարգմանուելուն եւ 36 երկիրներու մէջ հրատարակուելուն։
∩ԻՔԷԱ−ի Գզրոցին Մէջ Բանտարկուած Հնդիկի Մը Գերազանց Ճամբորդութիւնը∪ Ռօման Փուէրթոլասի ութերորդ գիրքն է։ Սակայն նախորդ գիրքերը մնացած են անտիպ, քանի որ հրատարակիչները մերժած են նախորդ եօթը փորձերը։ Բայց ան չէ վհատած եւ յաջողած է այս զուարճալի հատորով ուշադրութեան արժանանալ համաշխարհային գրական միջավայրի մը մէջ։

