Պատժատուգանք Անարգելքներու
Հանրապետութեան նախագահ Ռէճէփ Թայյիպ Էրտողան 16 Ապրիլի հանրաքուէէն ետք յաճախակի կերպով կը պահանջէր խորհրդարանի ներքին կանոնագրութեան բարեփոխումը։ Այս մասին կատարուած աշխատութիւնները հասած են իրենց աւարտին։ Նախագծի համաձայն խորհրդարանի ամպիոնէն «Քիւրտիստան», «Հայոց ցեղասպանութիւն», «Ամէտ»ի նման բառերու գործածութիւնը արգիլուած է։ Նշենք որ այս աշխատութիւններուն չեն մասնակցած Ընդդիմադիր Ժողովուրդներու Ժողովրդավարութեան կուսակցութիւնը եւ հանրապետականները։ Նախագծի համաձայն կը սահմանափակուի երեսփոխաններուն իրենց կարծիքներու յայտնելու համար տրամադրուած ժամանակամիջոցը, որ կանոնագիրը կ՚արգիլէ նաեւ երդում չտուած երեսփոխաններուն խորհրդարանի նիստերուն մասնակցումը։ Այս դրութիւնը ուղղակիօրէն պիտի ազդէ Լէյլա Զանային քանի որ ան ընտրուելէ ետք մերժած էր իր երթման պատճէնին մէջ «թուրք ազգը» սահմանումը գործածելէ խուսափած էր։ Նոր սահմանադրութեան մասին իր կարծիքները «Ակօս»ին յայտնող երեսփոխան Կարօ Փայլան դիտել կու տայ որ կատարուած փոփոխութեան բուն նպատակը ընդդիմադիրները լրեցնել եւ պալատէն եկած հրահանգները շատ աւելի արագ կերպով գործադրել է։ «Այս փոփոխութիւնով խորհրդարանը ալ աւելի պիտի արժէզրկուի եւ պիտի վերածուի պալատին նօթարական գրասենեակին»։
Փայլան նշեց որ այս փոփոխութիւններով կը վերադարձուի նախկին բարքերով։ «Արդարութիւն եւ Զարգացում կուսակցութեան իշխանութեան եկած առաջին 10 տարիներուն շատ կարեւոր յառաջընթացք մը արձանագրուեցաւ անցեալի սխալները, մեղքերը ու յանցանքները խոստովանելու առումով։ Բայց դժբախտաբար վերջին երեք տարիներուն այդ հոսանքը ամբողջովին փոխուած է եւ կարծես թէ պետութիւնը վերադարձած է իր հին ու աւանդական ուրացման ռազմավարութեան։ Անցեալ ամիսներուն ես խորհրդարանի ամպիոնէն ցեղասպանութիւն բառը գործածելուս պատճառաւ անարդար պատիժի մը ենթարկուեցայ։ Վերջերս կարգ մը երեսփոխաններուն –Տէրսիմի կոտորածներ-, -Քրտաբնակ քաղաքներ-, -Սիվասի կոտորածը- եւ այս բնոյթի այլ արտայայտութիւնները վերջերս անհանգստութեան պատճառ կը դառնան։ Մենք այս խօսքերը կ՚ըսենք ո՛չ թէ թուրքերը անարգելու համար, այլ թուրքի անունով գործուած մարդկութեան դէմ յանցանքներու հետ առերեսուելու համար։ Անցեալին պետութեանը թուրք ինքնութեան անունով ծանր մեղքեր գործածէ։ Որքան ատեն որ չենք առերեսուիր միշտ առկայ կը մնայ այն յանցանքներու կրկին գործուելու հաւանականութիւնը։ Այսօր ճիշդ այդ է որ կ՚ապրինք, կը շարունակենք նոյն սխահով եւ նոր սխալներ կը գործենք։ Իմ կոչը յստակ է առերեսուիլ անցեալին հետ եթէ կարգ մը բառեր դժուար ընդունելի են ձեզի համար եկէք համապատասխան ուրիշ բառեր գտնենք։ Մի Մոռնաք որ այս յանցանքները այս խորհրդարանի մէջ գործուեցաւ հետեւաբար առերեսումն ալ պէտք է ըլլայ նոյն տեղը։ Եթէ մենք խուսափինք այդ առերեսումը կ՚ըլլայ օտար խորհրդարաններու մէջ։ Նախորդ տարի ինծի դէմ գործադրուած պատժամիջոցը բոլորովին անարդար էր եւ այս որոշումն ալ այդ անարդարութեան ապացոյցն է։ Իսկ հիմա ելեր դրամական պատիժի մասին կը խօսին։ Սա ամօթ է պարզապէս, ամօթ է եւ անարգանք։ Ես գիտեմ թէ ինչ եկած է իմ ժողովուրդիս գլխուն։ Այդ իրողութիւնը խօսելս դրամական տուգանքով արգիլելը ամօթ է պարզապէս։ Մեր կուսակցութիւնը ամբողջ ուժով պիտի պայքարի կանոնագրի այս գծին խորհրդարանի մէջ մերժուելուն համար»։

