Հրատարակութեան թուական: 20 Հոկտեմբեր 2015 12:50
 ~ Վերջին թարմացում: 20 Հոկտեմբեր 2015 12:56
read.ReadTime

Արեւմտահայերէնի հարցեր եւ Գրիգոր Պըլտեանի գրականութիւնը

Այս տարի Փարիզի մէջ համալսարանական տարեշրջանը սկսաւ երկու կարեւոր գիտաժողովներով։ Փարիզի Արեւելեան լեզուներու եւ քաղաքակրթութիւններու Հիմնարկը Սեպտեմբեր ամսուան մէջ չորս լման օր յատկացուց հայ գրականութեան ու արեւմտահայերէնի նիւթին։ Զանազան երկիրներէ եկած մասնակիցներ մեկնաբանեցին գլխաւոր հարցեր, նախատեսուած նիստերու ընթացքին։ Ասոնցմէ առաջինը ԻՆԱԼՔՕ-ի հայկական ամպիոնի կողմէ կազմակերպուած յատուկ գիտաժողով մըն էր նուիրուած՝ սփիւռքահայ յայտնի գրողներէն Գրիգոր Պըլտեանի գործին, իր եօթանասունամեակի առիթով։ Իսկ երկրորդին նիւթն էր արեւմտահայերէնի պաշտպանումը, որ Կիւլպէնկեան հիմնարկի Արեւեմտահայերէնի ծրագիրներու վարիչ Անի Կարմիրեան եւ ԻՆԱԼՔՕ-ի համագործակցութեամբ տեղի ունեցաւ։ Այս մէկը կը կայանար յատկապէս մանկավարժներով, դասախօսներով, ուսման համակարգի զանազան անդամներով ու վարիչներով։ Այս առիթով ԻՆԱԼՔՕ-ի հայկական ամպիոնի վարիչ Անահիտ Տօնապետեանի հետ կատարեցինք հարցազրոյց մը որպէսզի տեղականանք այս չորս կարեւոր օրերուն անցուդարձներուն։
Պատկերը մեծցնել
Արեւմտահայերէնի հարցեր եւ Գրիգոր Պըլտեանի գրականութիւնը
Գնա՛ էջին սկիզբ