Հրատարակութեան թուական: 19 Յունուար 2024 17:02
 ~ Վերջին թարմացում: 19 Յունուար 2024 17:42
read.ReadTime

"Ամէն ինչ, ամէն մարդ կարելի է սպանել, սակայն խիղճը անկարելի է սպանել, բարութիւնը, քաջութիւնը անկարելի է սպանել։"

Թերթիս հիմնադիր եւ հրատարակութեան ընդհանուր տնօրէն Հրանդ Տինք, սպանութեան 17-րդ տարելիցին առթիւ, ոգեկոչուեցաւ իր նահատակութեան վայրին վրայ։ «Ակօս»ի նախկին խմբագրատան՝ Օսմանպէյի «Սէպաթ» շէնքի առջեւ կայացած ոգեկոչման հանդէսին մասնակցեցաւ ստուար բազմութիւն մը։ Այս տարուան յիշատակութեան խօսքը արտասանեց Հրանդ Տինքի բարեկամներէն, լրագրող ու գրող Օյա Պայտար։ Այս առթիւ ընթերցուեցաւ նաեւ պատգամը «Հրանդի ընկերները» նախաձեռնութենէն Չիյթեմ Մաթերի, որ Կեզիի դատավարութեան ձերբակալեալներէն է ու կը գտնուի բանտի մէջ։
Պատկերը մեծցնել
"Ամէն ինչ, ամէն մարդ կարելի է սպանել, սակայն խիղճը անկարելի է սպանել, բարութիւնը, քաջութիւնը անկարելի է սպանել։"
PHOTO: Miran Manukyan
Գնա՛ էջին սկիզբ