Հրատարակութեան թուական: 11 Մայիս 2015 13:11
 ~ Վերջին թարմացում: 11 Մայիս 2015 13:14
read.ReadTime

Ահազանգ, հասէ՛ք կը փլեն Քամփ Արմենը

Թրքահայոց պատկա­նող եւ պե­տու­թեան կող­մէ գրա­ւուած կա­լուած­նե­րու մէջ ամե­նախորհրդան­շա­կան օրի­նակը կը կազ­մէ Քամփ Ար­մեն անու­նով ծա­նօթ Թուզլա­յի Ման­կա­կան Ճամ­բա­րը։ 6 Մա­յիս Չո­րեք­շաբթի առա­ւօտ քան­դիչ մե­քենա­ներ ճամ­բար մտնե­լով սկսան փլել ճամ­բա­րի եր­կա­րամեայ տնօ­րէն Հրանդ Կիւ­զէ­լեանի սե­նեակը, որպէս տղոց եւ աղջկանց ննջա­րան գոր­ծա­ծուող հինգ սե­նեակ­ներ եւ մա­տու­ռը։ Երբ լու­րը լսո­ւեցաւ, կայ­ծակնա­յին արա­գու­թեամբ վայր փու­թա­ցին ՀՏՓ եւ ՃՀՓ կու­սակցու­թիւննե­րու շրջա­նային վար­չութիւննե­րը, երես­փո­խանու­թեան թեկ­նա­ծու Կա­րօ Փայ­լան եւ Նոր Զար­թօնքի երի­տասարդ գոր­ծիչներ։
Պատկերը մեծցնել
Ահազանգ, հասէ՛ք կը փլեն Քամփ Արմենը
Գնա՛ էջին սկիզբ