Ապրիլ 24-ի պատրաստութիւններ
Վերջին տարիներուն Իսթանպուլ, Թաքսիմի հրապարակին վրայ կատարուող Ապրիլ 24-ի զոհերու յիշատակման միջոցառումը կազմակերպող «ՏուրՏէ» հարթակը այս տարուայ սկզբին կոչ ուղղած էր միջազգային հասարակութեան, ցեղասպանութեան դարադարձի ոգեկոչումը միասնաբար կազմակերպելու համար։ «ՏուրՏէ» այս առումով խորհրդակցական ժողովներ ալ գումարեց, լսելու համար զանազան շրջանակներու այս նիւթի շուրջ առաջարկները։
«ՏուրՏէ»ի կոչերը արձագանգ գտած են ԱՄՆ-ի մէջ, ուր «Նախագիծ 2015» խմբակցութիւնը սկսած է աշխատիլ Թաքսիմի մէկտեղումը ալ աւելի զանգուածային դարձնելու համար։
«Նախագիծ 2015» հրապարակած է կոչ մը, ուր սփիւռքահայութիւնը կը հրաւիրէ 2015-ի Ապրիլի 24-ին, ժամը 19.15-ին Թաքսիմի հրապարակին վրայ մէկտեղուելու։ Այս առթիւ «ՏուրՏէ» հարթակի անունով Լեւէնթ Շէնսէվէր կ՚ըսէ՝ «Համայն աշխարհի հայերը կը հրաւիրենք եւ կը քաջալերենք Թուրքիոյ քաղաքացիներու հետ մէկտեղումին մասնակցելու համար Իսթանպուլի մէջ կատարուելիք այս ոգեկոչման միջոցառումներուն։ Որպէս թուրքեր, մեր զօրակցութիւնը կ՚ուզենք արտայայտել հայերուն՝ մինչ մեր յարգանքի տուրքը կը մատուցենք այս ահռելի ոճիրի զոհերուն եւ վերապրողներուն, ճնշում բանեցնելով նաեւ մեր կառավարութեան վրայ, որպէսզի ճանչնայ ցեղասպանութիւնը»։
Յայտարարութեան շարունակութեան մէջ այս անգամ «Նախագիծ 2015»ի վարչութեան անդամներէն Սառա Լի Ուիթսըն կը ներկայացնէ իր կոչը. «Որպէս հայեր, Պոլիս կ՚երթանք յիշատակելու համար մեր ընտանեկան անդամներու վայրագ ջարդը նաեւ աշխարհին յիշեցնելու, թէ հարիւր տարի ետք մենք տակաւին արդարութիւն եւ հաշուետուութիւն կը պահանջենք թուրք կառավարութենէն։ Մեզմէ շատերուն համար ասիկա առաջին վերադարձը պիտի ըլլայ դէպի մեր նախնիներու հողերը, ուր անոնք հազարամեակներ ապրած էին մինչեւ իրենց սապնութիւնն ու արտաքսումը ասկէ հարիւր տարի առաջ»։
«Նախագիծ 2015»ի համացանցի վրայ տարածուող կոչ յայտարարութիւնը տեսնելէ ետք կապ հաստատեցինք հարթակի անդամներէն Նէնսի Գրիգորեանի հետ, որ նշեց թէ այս տարի, ինչպէս նախորդ տարիներուն, ոգեկոչման ցոյցեր պիտի կատարուին Լոս Անճէլըս, Նիւ Եորք, Փարիզ, Սիտնի եւ Երեւանի նման կեդրոններու մէջ։ Բայց այդ բոլորին մէջ բացառիկ նշանակութիւն ունի Իսթանպուլի միջոցառումը։ Բացառիկ է քանի որ շատեր այս առթիւ առաջին անգամ պիտի գան իրենց նախնեաց հայրենիքը՝ Թուրքիա եւ հոն, հարազատ հողի վրայ պիտի բարձրացնեն արդարութեան պահանջը։
Նէնսի Գրիգորեանի այս տեսութիւններէն ետք ՀԲԸՄ-ի Եւրոպայի ներկայացուցիչ Նիքոլաս Դաւիթեան ալ երախտապարտութեամբ արտայայտուեցաւ «ՏուրՏէ»ի, Մարդու Իրաւունքներու միութեան եւ այլ հասարակական կազմակերպութիւններու ծրագրած նախաձեռնութիւններու մասին։ Դաւիթեան նշեց, որ ինք որպէս Եւրոպայի Հակացեղապաշտ Շարժումի անդամ, նախապէս ալ աշխատակցած է «ՏուրՏէ»ի հետ եւ ներկայ եղած անոնց 2013 եւ 2014-ի Ապրիլ 24-եան ոգեկոչումներուն։ «Այս միջոցառումները խորհրդանշական առումով շատ կարեւոր են։ Նման նախաձեռնութեան մասնակցելով կը փլցնենք սփիւռքահայութեան հանդէպ Թուրքիոյ մէջ գոյացած նախապաշարումը։ Այս շփումներով մարդիկ կ՚իմանան թէ ո՞վ ենք, ի՛նչ անցեալ ունինք եւ ի՛նչ հեռանկար» ըսաւ Նիքոլաս Դաւիթեան։

