Փառաբանեցէ՛ք Քիմին յետոյքը
Լօրա Սարը
[email protected]
Քարտաշեանը այս ու յետ այս ասպարէզին միակ տէրն է: Սոյն ասպարէզին բնութագրումը տարբեր մեկնութիւններ ունի: Ըստ ոմանց պարզապէս կլորիկ ոռիկ մըն է, ըստ ուրիշներուն սանձարձակ մերկութիւն մըն է, եւ կամ ցուցադրութիւն մը: Ըստ իս, անսահման ինքնավստահութիւն մըն է:
Մերկութիւնը ծախողականութիւն ունի
Քիմը եւ Փէյփըր ամսաթերթը ճիշդ գիտեն թէ ինչ կ'ընեն, այո, մերկութիւնը կը վաճառուի: Եւ արդեն անկեղծ են յայտարարելու չափ թէ իրենց նպատակը «համացանցը փշրել»-ն է: Մի քանի ամիս առաջ ալ համացանցը «փշրուած» էր, երբ այլ մերկ նկարներ թափանցած էին համացանց: Անոնց մէջ էր գլխաւորաբար Օսքարի դաբնեկիր դերասանուի Ճէնիֆըր Լորանսը, ինչպէս նաեւ Էմմա Ուաթսընը, Քէյթ Ափթընը, եւ այլ հանրայայտ անձնաւորութիւններ: Իսկ մերկ նկարները դիտողները, մեղադրուած էին նկարները տարածողներուն չափ: Նոյնիսկ Լէնա Տընհամը՝ Կըրլզ ֆիլմաշարի հեղինակ եւ գլխաւոր դերասանը, այս դէպքին փաստաբանութիւնը ստանձնած էր, թուիթ մը գրլով թէ, - Դուք կ'որոշեք թէ ինչպէս կ'ուզեք ներկայացուի ձեր մարմինը, այս կիներուն զօրակցելու համար, մի՛ դիտէք անոնց նկարները: Կըրլզի մէջ ամէն առիթը գտնելուն – եւ եթէ նկատի առնենք որ ինքն է հեղինակը, ուրեմն առիթները ստեղծողն ալ ինքն է – ծիծերը արձակող Տընհամ, անկասկած իրաւացի է: Այո, հանրայայտ աստղերը իրենց մերկութիւնը կը վաճառեն, եւ այո յաճախորդները մենք ենք: Սակայն երբ այս իրավիճակը կը ստեղծուի այս մարդոց կամքին հակառակ, մենք տարբեր չենք ըլլար Գաղտնագործ Թօմէն: Այն նկարները, որոնց իրաւունք չունինք դիտելու կը դիտենք առանց խնդիր ունենալու, բայց յօժարաբար բաժնեկցած Քարտաշեանի նկարները մէկ կողմէն կը դիտենք, միւս կողմէն ծանր խօսքերով կը քննադատենք:
Օրինակի համար ոմանք այդ նկարներուն մէջ բեկուած ընտանիք մը կը տեսնեն: «Մայր մը ինչպէ՞ս կրնայ այսպէս բան մը ընել» ըսողներէն, մինչեւ անոնք, որ ըսին «ամուսնացած կին մը ասիկա ինչպէ՞ս կրնայ ընել», չնայած որ ռէփի երգիչ Քէնյէ Ուէսթը, Քարտաշեանի ամուսինը, կը գնահատէ իր կնոջ նկարները: Հապա՜, կիները երբ ամուսնանան, եւ մանաւանդ երբ երեխայ մըն ալ ունենան, մնացած ամէն ինչէն կը հրաժարին: Յետոյ ո՞վ ըսած է որ մայրութիւնը եւ սեռականութիւնը միատեղ չեն կրնար ըլլալ: Եթէ հաշուենք թէ լայն կոնքով կիները բերրիութեան հետ հաւասարեցուելով նախընտրուած են եղափոխութեան ընթացքին, Քարտաշեանը, որպէս լայն կոնքով մայր մը, մեր տեսակի շարունակականութեան խորհրդանիշը կրնայ նկատուիլ:
Անսահման ինքնավստահութիւն
Գալով Քիմ Քարտաշեանի անսահման ինքնավստահութեան իմ կարծիքիս, անշուշտ միայն անոր մերկ լուսանկարուելէն չէ որ կու գայ: Քարտաշեաններուն առօրեայ կեանքը հեռատեսիլին վրայ կը ցուցադրուի յատուկ ծրագիրով մը, ուր անոնք ի յայտ կու գան որպէս հարուստ եւ «ապուշ» կեանքի տէր մարդիկ: Անոնց մասին այն կարծիքը կայ, որ հանրայայտ ըլլալէն բացի ուրիշ նպատակ մը չունին: Քէնյէ Ուէսթի հագուստէն մինչեւ խօսքերը, պուպրիկի մը պէս խաղցուելուն առիթ կու տայ Քարտաշեան, եւ այս պատճառով կը նուաստացուի: Այս մօտեցումին անշուշտ է որ տեղեակ է ինք: Իր մասին քննադատութիւններուն վրայ հատ մը եւս աւելցնելը եւ ատելութեամբ լեցուածներուն թիւը աւելցնելէ չքաշուիլը ամէնէն մեծ փաստերն են անսահման ինքնավստահութեան: Դուք ինչ որ ուզէք կրնաք ըսել, այս կնոջ հոգը պիտի չըլլայ:
Իսկ իմ խրատս այս է՝ մէկ անգամուան համար ձեր ալ հոգը թող չըլլայ: Հարիւր տարուան այս ձաբռտուքները եւ բարոյականութեան ոստիկանութիւնը մէկ կողմ նետեցէ՛ք: Սեփական մերկութիւնը իր ամուսինին, ընտանիքին եւ միլիոնաւոր մարդոց հետ փառաբանող այս կնոջ տօնակատարութեան դուք ալ մասնակից դարձէ՛ք: Փարաբանեցէ՛ք Քիմին յետոյքը: Հաւատացէ՛ք, որ լաւ պիտի զգաք:
Թարգմանութիւնը՝ Վահագն Քէշիշեան
[email protected]

